ԲարիԼուր: Just another WordPress weblog

ԱՍՏՈՒԱԾԱՅԻՆ ՍԷՐ

(Ազատ Մեկնութիւն՝ Պօղոս Առաքեալի Կորնթացիներուն Ուղղած Նամակի ԺԳ Գլխու 4-8-րդ համարներու)

Որովհետեւ Աստուած զիս կը սիրէ, ինծի հանդէպ իր համբերութիւնը չի հատնիր:

Որովհետեւ Աստուած զիս կը սիրէ, բոլոր պարագաներս կ’առնէ ձեռքերուն մէջ եւ այնպէ՛ս կը գործածէ զանոնք, որ ես զարգանամ հոգիով և մտքով:

Որովհետեւ Աստուած զիս կը սիրէ, Ան չ’օգտագործեր այլ կը պահէ՜զիս Իր սիրոյն մէջ:

Որովհետեւ Աստուած զիս կը սիրէ, Իր բարկութիւնը չի տեղացներ վրաս՝ գործած սխալներուս համար, այլ խորապէս կը ցաւի, որ չեմ վստահիր Իրեն և Զինք չեմ հաճեցներ:

Որովհետեւ Աստուած զիս կը սիրէ, կ’ուրախանայ տեսնելով, որ չեմ կքիր կեանքի ճնշումներուն տակ և Իր զօրութիւնը կը վայելեմ փորձարաբար:

Որովհետեւ Աստուած զիս կը սիրէ, կը վստահի վրաս նոյնի՛սկ երբ ե՛ս չեմ կրնար վստահիլ ես ինծի:

Իմ կողքիս է Ան, Իր մեծ սիրոյն պատճառով, երբոր ընկճուած եմ և երբ անսուրբ և անարդար եմ:

Ուստի ամբողջ սրտովս կը հաւատամ Իր սիրոյն, Իր Սուրբ Հոգիին օգնութեամբ:

Ս. Սապունճեան

Published by Ռաֆաել, on December 24th, 2009 at 8:18 pm. Filled under: ԲանբերNo Comments

ԱՌԱՋԻՆ ԵԿԵՂԵՑԻՆ

Բոլոր անոնք՝ որ ընդհանրապէս դժգոհ կ՚ըլլան իրենց պատկանած եկեղեցիէն, ու կը փորձուին զայն բաղդատել ուրիշի մը հետ, գիտնալու են հետեւեալ հիմնական ճշմարտութիւները.–

1. Կատարեալ եկեղեցի չկայ, թէեւ մէկը միւսէն աւելի լաւ կրնայ ըլլալ։

2. Միշտ ալ շիտակ չէ եկեղեցիներ բաղդատել իրարու հետ, որովհետեւ անոնց պայմաններն ու պարագաները բոլորովին տարբեր կրնան ըլլալ։

3. Դժգոհ անձերը իրենց մէջ փնտռելու են իրենց եկեղեցիին տկարութիւնները, որովհետեւ ան կազմուած է իրենց նման անդամներով, եւ իրենց օրինակը վարակիչ ու ճակատագրական դեր ունի եկեղեցիին մէջ։

4. Եկեղեցիի մը զօրութեան համար պէտք է դիմել անոր գլուխին՝ Տէր Յիսուս Քրիստոսի – անոր օրինակին եւ ուսուցումներուն։

5. Դիմելու է նաեւ Աստուծոյ Խօսքին, որ հիմնական չափա­նիշն է եկեղեցիին, եւ միայն ան կը պարունակէ լաւագոյն պայ­մաններն ու միջոցները՝ զօրաւոր եւ «կատարեալ» եկեղեցի մը ըլլալու։

Թէեւ կատարեալ եկեղեցի չկայ, սակայն եղած են ու կան տիպար եւ օրինակելի եկեղեցիներ, որոնց համար ուրախ րլլալու ենք, փաոք տալու ենք Աստուծոյ, եւ ինչո՞ւ չէ՝ հարկ եղած պարագային խոնարհաբար սորվելու ենք անոնցմէ։ Եւ պէտք է ընդունիլ թէ բոլոր տիպար եկեղեցիներուն հիմը՝ Աստուծոյ Խօսքն է, եւ իբր Լաւագոյն օրինակ՝ Ա. դարու Եկեղեցին ունինք մեր աոջեւ։ Ան կազմուեցաւ Հոգեգալուստի ատեն, ու կայծակնային աճ արձանագրեց։ Անոր յատկանիշները պէտք է իւրացուին որեւէ եկեղեցիի կողմէ՝ ամէն տեղ եւ ամէն ժամանակ։ Եւ քանի որ եկեղեցին հաւատացեալներու խումբն է՝ կազմուած անհատ քրիստոնեաներով, ասոնք ալ սեփականացնելու են Աոաջին Եկեղեցիին յատկանիշները։ Վերջին հաշուով՝ եկեղեցին այն է, ինչ որ են անոր անղամները։

Ի՞նչ էին Աոաջին Եկեղեցիին գլխաւոր յատկանիշներր։ Նախ եւ աոաջ պէտք է գիտնալ թէ ան բացառութիւն կը կազմէր, որովհետեւ մէկ օրուան մէջ 3000 փրկուած անղամներ ունեցաւ։ Երկրորդ՝ տակաւին “կազմակերպուած” եկեղեցի մը չէր. ո՛չ ձեռնադրեալ հովիւ կար, ո՛չ վարչութիւն, ո՛չ ժողովականներ, ո՛չ ալ յանձնախումբեր եւ սահմանադրութիւն։ Բայց հակառակ այս պակասին՝ ան զօրաւոր էր, ու կ՚աճէր շատ արագ։ Երրորդ՝ ո՛չ անուն ունէր, ո՛չ ալ համայնքային պատկանելիութիւն. պարզապէս Եկեղեցի կը կոչուէր։ Հոգեգալուստէն ետք առաջին անգամ ան կը յիշուի իբր խումբ մը՝ որուն փրկուածներու թիւը կ՚աւելնար օրէ օր՝ Տէր Յիսուսի կողմէ (Գործք Բ. 47)։

Ա.– ԱՌԱՋԻՆ ԵԿԵՂԵՑԻԻՆ ԲՈԼՈՐ ԱՆԴԱՄՆԵՐԸ ՍՈՐՎԵԼՈԻ ՊԱՏՐԱՍՏ ԷԻՆ։ «Միշտ առաքեալներու վարդա­պետութեան ետեւէ էին» .. Գործք Բ. 42։ Անոնք սորվելով կը զօրացնէին իրենց հաւատքը։ Եկեղեցի մը չի կրնար աճիլ եւ յաջողիլ, եթէ անոր անդամները շարունակ չսերտեն Աստուծոյ Խօսքը։ Առաքեալները իրենց ձեռքերուն մէջ տակաւին գրուած Աստուածաշունչ մը չունէին, ու բերանացի կր սորվեցնէին Յիսուսի փրկութեան լուրր ել հոգեւոր աճումի միջոցները։ Բայց քանի որ եկեղեցիին անդամները պատրաստակամ էին սորվելու, անոնք կ՚աճէին ու եկեղեցին կը զօրանար։ Աստուծոյ Խօսքը լսելով՝

հաւատք կ՚ունենանք, եւ սորվելով՝ մեր հաւատքը կը զօրանայ։ Եկեղեցիի մը եւ անոր անդամներուն զօրութեան ու յաջողութեան աղբիւրը երրակի է – աղօթքը, Սուրբ Հոգին եւ Աստուծոյ Խօսքը։ Ուշագրաւ է նաեւ այն իրողութիւնը թէ Աոաջին Եկեղեցիին անդամները միշտ – յարատեւ եւ անդադար .. կը սորվէին առաքեալներէն, եւ միասին կը ճաշէին, կ՚աղօթէին ու կը պաշտէին։ Անոնց տունը եկեղեցին էր, եւ եկեղեցին՝ իրենց տունը։ Քրիստոնէական կեանքը ամէնօրեայ հարց է, ո՛չ թէ միայն կիրակնօրեայ. ընտանեկան է, ո՛չ թէ անձնական։

Բ.– ԲՈԼՈՐՆ ԱԼ ՄԱՏՉԵԼԻ ԷԻՆ – ՈԻ ՊԱՏՐԱՍՏ՝ ԾԱՌԱՅԵԼՈԻ ԵԻ ԶՈՀՈՂՈԻԹԻԻՆ ԸՆԵԼՈԻ։ Անոնք միշտ ներկայ էին հոն ուր գործ մը կար, ու փախուստ չէին տար յանձնառութենէ։ Բոլորն ալ կ՚աշխատէին, եւ իրենց լաւագոյնը կու տային ու կ՚ընէին։ Երբ ամէն անդամ ծաոայէ, արդէն գանգատելու աոիթ եւ պատճառ չի մնար։ Բայց եթէ նոյնիսկ ոմանք մատչելի չըլլան -պատրաստ չըլլան աղօթելու, սորվելու եւ ծառայելու, ճշմարիտ քրիստոնեան ո՛չ միայն չի գանգատիր անոնց դէմ, այլ ինք միշտ ներկայ կ՚ ըլլայ աղօթքներուն, Ս. Գրքի սերտողութիւններուն, պաշտամունքներուն, եւ ա՛լ աւելի կը ծաոայէ։ Երբ ուրիշները չեն տար, ինք ա՛լ աւելի կու տայ։ Ուրիշներուն չի նայիր՝ այլ Յիսուսի։ Ուրիշէն չ՚ աոաջնորդուիր, այլ Ս. Հոգիէն եւ Աստուծոյ Խօսքէն։

Գ.– ԲՈԼՈՐ ԱՆԴԱՄՆԵՐԸ ՄԻՇՏ ԱՌԱՏԱՁԵՌՆ ԷԻՆ։ Ո՛չ միայն անձամբ ներկայ էին ծառայելու, այլ նաեւ իրենց ստացուածքն ալ կը ծախէին ու կը բաժնէին կարօտեալներուն. «Բոլոր հաւատացեալները միասին էին, եւ բոլոր բաները հասարակաց էին։ Կը ծախէին իրենց ստացուածքներն ու ինչքերը, եւ անոնց գինը կը բաժնէին ամենուն, որո՛ւ որ պէտք ըլլար» -Գործք Բ. 44, 45։ Իրենց թէ՛ անձը եւ թէ՛ գանձը Աստուծոյ գործին համար զոհող հաւատացեալներ էին։ Քրիստոնէական զոհողութիւնը՝ մեր բոլոր պէտքերը ապահովելէ ետք՝ աւելցածը տալ չէ։ Եթէ պիտի սպասենք որ նախ մեր բոլոր կարիքները հայթայթենք ու յետոյ տանք, կը նշանակէ թէ պատրաստ չենք տալու, որով­հետեւ մեր պահանջքները երբեք պիտի չվերջանան։ Երբ կը կտրենք մեր կենսական պէտքերէն եւ կը զրկենք մենք մեզ անոնց տուած բարիքներէն ու հանգիստէն՝ Աստուծոյ գործին համար, միայն այն ատեն է որ մեր ըրածը կ՚ ըլլայ քրիստոնէական զոհողութիւն։ Փրկութիւնը կ՚ ենթադրէ զրկանք – անձի, գանձի եւ ժամանակի, ստացուածքի ու նիւթականի, ընկերային թէ ընտանե­կան զոհողութիւն՝ Յիսուսի հետեւելու եւ Աստուծոյ թագաւորութիւնը ժառանգելու համար։ Պատրաստ ըլլալու ենք ամէն տեսակ

զոհողութեան։ «Շատ տառապանքով պէտք է մտնենք Աստուծոյ թագաւորութիւնը» – Գործք ԺԴ-. 21։

Դ.– ԱՌԱՋԻՆ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՆԵՐԸ ՄԻՇՏ ՈԻՐԱԽ ԷԻՆ՝ ԿԵԱՆՔԻ ԲՈԼՈՐ ՊԱՐԱԳԱՆԵՐՈԻ ՄԷՋ։ Նոյնիսկ ամենէն աննպաստ պայմաննեըուն տակ, երբ կը հալածուէին ու կը քար­կոծուէին, չէին դժգոհեր։ Գոհութեամբ կ՚ աղօթէին եւ կը սերտէին Աստուծոյ Խօսքը։ Ուրախութեամբ կը ծաոայէին, եւ իրենց ստացուսւծքը ծախելով՛ կը բաժնէին կարօտեալներուն։ «Հաց կտրելով իրենց տուներուն մէջ՝ իրենց կերակուրը կ՚ուտէին ցնծութեամբ ու պարզամտութեամբ» – Գործք Բ. 46։ Անոնք հարուստ չէին։ Հաւանաբար հանգստաւէտ տուներ ալ չունէին։ Ուրախութեան մէջ կայ գոհացում, բժշկութիւն եւ առողջութիւն. «Ուրախ սիրտը դեղի պէս օգտակար է» – Աոակ. ժէ. 22։ Ուրախութիւնը զօրութիւն կու տայ, իսկ դժգոհ՚ութիւնը՝ տկարութիւն ու յուսահատութիւն։ Նէեմիա սրտանց աշխատող ժողովուրդին ըսաւ. «Տէրոջ ուրախութիւնը ձեր զօրութիւնն է» – Նէեմ. Ը. 10։ Ո՛չ թէ որեւէ ուրախութիւն, հապա Յիսուսի պատկանած րլլալու եւ իրեն ծաոայելու ուրախութիւնն է որ զօրութիւն կը պարգեւէ։ «Ուրա՛խ եղէք Տէրոջմով ամէն ատեն, դա՚րձեալ կ՚ ըսեմ՝ ուրա՚խ եղէք», կր պատուիրէ Առաքեալը (Փիլպ. Դ. 4)։ Ս. Գ՚իրքը կ ՚ըսէ թէ երեք բաներ կան որ միշտ ընելու ենք – աղօթել, Աստուծոյ Խօսքը սերտել եւ ուրախ ըլլալ։

Չմոռնանք որ ուրախութիւնը հաւաքական բնոյթ ունի – խմբովին ու միասին կ՚ ըլլայ՝ ընտանիքի անդամներու, ազգականներու եւ բարեկամներու, եկեղեցիի անդամներուն ու բոլոր հաւատաց­եալներուն հետ։ Առանձին գոհունակութիւն կրնանք ունենալ , բայց ուրախութիւնր միայն խմբովին կ՚ ըլլայ։

Ե– ԱՌԱՋԻՆ ԵԿԵՂԵՑԻԻՆ ԱՆԴԱՄՆԵՐԸ ՄԻՇՏ ՊԱՇՏՈՂ ԷԻՆ։ «Ամէն օր կը յարատեւէին միաբանութեամբ տաճարր երթալու մէջ» – Գործք Բ. 46։ Անոնց կեանքին առանցքը պաշտամունքն էր. անո՛վ  կը սկսէին, կը գործէին ու կը վերջացնէին։ Եկեղեցին ամէն բանէ առաջ եւ աւելի՝ պաշտամունքի տուն է։ Մէկը ըսած է. «Պաշտամունքը այնքան կարեւոր է՝ որքան ծառայութիւնը։ Ծառայութիւնը քրիստոնէական իմաստ ունի միայն այն ատեն, երբ անիկա արմատացած է պաշտամունքին մէջ»։ Ուստի աղօթենք որ հայ եկեղեցիներն ու ժողովուրդը Առաջին Եկեղեցիին անդամներուն պէս ըլլան՝ Աստուծոյ Խօսքը սերտող, ծառայելու համար մատչելի եւ պատրաստակամ, առատաձեռն, ուրախ ու պաշտող քրիստոնեաներ։

(Թորոնթօ)

Published by Ռաֆաել, on December 24th, 2009 at 8:17 pm. Filled under: ԲանբերNo Comments

Ի՞նչպէս Քալել

(Կարդա՛ Եփես. 3. 14 – 4. 3)

Որպէսզի շնորհէ ձեզի՝ իր փառքին ճոխութեան համեմատ՝ զօրութեամբ ուժովնալ ներքին մարդուն մէջ, իր հոգիին միջոցով: _Եփես. 3. 16

Զոյգ մը, օր մը հեծելանիւով պտոյտի գացին, մարզանք ըրած եւ կազդուրուած տուն վերադառ­նալու յոյսով: Երբ բլուրէ մը վար կ՛իջնէին, մարդը կորսնցուց իր ղեկը եւ զարնուեցաւ ժայռի մը: Մարմինը ծանրօրէն ճզմուած, հազիւ կրցան հիւանդանոց հասցնել զայն:

Կինը հաւատարմօրէն երկար ատեն ամուսնոյն կողքին մնաց հիւանդանոցը: Ան անկարող էր ուտելու եւ խմելու: Ժամանակ մը ետք, օր մը, երբ երկուքը միասին հիւանդանոցի բակին մէջ՝ ծառի մը շուքին տակ կեցած էին, մարդը անիւով աթոռին մէջ նստահ, դարձաւ կնոջ եւ ըսաւ. «Չեմ գիտեր, թէ արդեօք օր մը պիտի կարենա՞մ դարձեալ քալել, բայց ես սկսած եմ հետզհետէ Յիսուսի հետ մօտեն քալել սորվիլ, եւ այդ է, որ կ՛ուզեմ»: Փոխանակ Աստուծոյ դէմ բռունցք շար­ժելու, ան ձեռքը երկարած ու բռնած էր Աստուծոյ ձեռքէն:

Երբեմն մենք ալ, մեր փորձառութիւններուն մէջ, պէտք ունինք այդ մարդուն պէս մէկու մը մասին մտածելու, որ կրնայ օգնել մեզի՝ շտկելու մեր կեցուածքը եւ ունենալու հրաշագործ յարաբերութիւն մը Աստուծոյ հետ՝ Տէր Յիսուս Քրիստոսի միջոցով:

Մենք պէտք եղածին չափ զօրութիւն չունինք գլուխ ելլելու այն բոլոր հարցերուն հետ, զորս ստիպուած ենք յաճախ դիմագրաւել: Բայց Աստուած կարող է: Ատոր համար է, որ Ան ըսած է մեզի, որ ամէն բան Իրեն տանինք. «Քու հոգդ ձգէ՛ Տէրոջ վրայ, եւ Ան քեզի նեցուկ պիտի ըլլայ» (Աաղմ. 55. 22): Վերը յիշուած մարդուն պէս, մենք ալ պէտք է ընտրենք Յիսուսի հետ քալել, որ կախեալ չէ մեր ոտքերէն, այլ մեր սիրտէն:

Մենք կրնանք ամենամութ փորձութեանց մէջէն քալելդ երբ կը քալենք Աստուծոյ հետ լոյսի մէջ:

Published by Ռաֆաել, on December 24th, 2009 at 8:16 pm. Filled under: ԶհացNo Comments

Կորսուած Աղօթքներ

(Կարդա՛ Սաղմոս 86. 1-7)

Տագնապիս օոը քեզի պիտի կանչեմ, ոոովհետեւ դուն ինծի կը պատասխանէս: Սաղմոս 86. 7

Գրութեան խորագիրը կ՛ըսէր. Անպատասխան Մնացած ՆԱՄԱԿՆԵՐ – ԱՍՏՈՒԾՈՑ ՈՒՂՂՈՒԱԾ ՆԱՄԱԿՆԵՐ ՈՎԿԷԱՆՈՍԻՆ ԽՈՐԸ ՆԵՏՈՒԱԾ:

Նիւ ճըրզիէն հովիւի մը ղրկուած 300-ի չափ չբացուաե նամակներ Ովկէանոսին խորը նետուած էին: Հովիւը երկար ատենէ մահացած էր: Խորհրդաւոր երեւոյթ մըն էր, թէ ի՛նչպէս ովկէանոսի ալիքները այդ նամակները ծովափ նետած էին:

Նամակները ուղղուած էին այդ հովիւին, որովհետեւ ան խոստացած էր իրենց համար աղօթել: Անոնցմէ ոմանք ոչ այնքան լուրջ բաներ կը խնդրէին: Ոմանք գրուած էին մարդոց կողմէ, որոնք մտահոգուած էին իրենց կենակիցներով, զաւակներով, կամ իրենց այրի վիճակով: Անոնք իրենց սիրտերը կը պարպէին Աստուծոյ առջեւ, օգնութիւն խնդրելով իրենց անմիջական պարագաներուն եւ ազգականներուն համար, որոնք ալքոլի կամ թմրեցուցիչներու մոլի դարձած էին: Նամակներէն ոմանք կու գային անձերէ, որոնք անհաւատարիմ գտնուած էին իրենց ամուսնական ուխտին: Մէկը Աստուծմէ կը խնդրէր, որ իր ամուսինը սիրէր իր զաւակը՝ որպէս հայր: Տեղեկագիրը կ՛եզրակացնէր, թէ բոլորն ալ «Անպատասխան մնացած աղօթքներ էին»:

Եթէ նամակ գրողները ուղղակի Աստուծոյ դիմէին, Ան լսած պիտի ըլլար բոլորին: Սաղմոսերգուն կ՛ըսէ. «Ո՜վ Տէր, իմ ամբողջ փափաքս քու առջեւդ է, ու հառաչանքս քեզմէ չծածկուեցաւ» (Աաղմ. 38. 9): Ան գիտէր, թէ մեր բոլոր մտահոգութիւնները կրնանք Աստուծոյ, յանձնել եթէ նոյնիսկ ոչ ոք մեզ կը լսէ.- «Տագնապիս օրը քեզի պիտի կանչեմ, որովհետեւ Դուն ինծի կը պատասխանես» (86. 7):

Յիսուս մեր ամենատկար աղաղակն իսկ կը լսէ:

Published by Ռաֆաել, on December 24th, 2009 at 8:15 pm. Filled under: ԶհացNo Comments

Երկու Թագաւորութիւններ

(Կարդա՛ Մատթ. 22. 15-22)

Ուրեմն ինչ որ կայսրինն է՝ տուէ՛ք կայսրին, եւ ինչ որ Աստուծոյ է՝ Աստուծոյ: _Մարկ. 22. 21

Թերթի մր տեղեկագիրը կ՛ըսէր. «Ներկայ երիտասարդները չունին հին ատենուան քաղաքական հետաքրքրութիւնը: Անոնք ընտրութիւններուն քուէարկելը կը նկատեն անտրամաբանական արարք»: Շրջանաւարտի մր խօսքը չակերտելով կ՛ըսէր. «Ես պէտք եղածին չափ հոգ չեմ ըներ, հոգ ընելու համար, թէ ինչո՞ւ հոգ չեմ ըներ»: Երբեմն կը խորհիմ, թէ մենք ալ նոյն ձեւով կը վարուինք մեր քաղաքային պարտաւորութեանց Հանդէպ:

Յիսուսի իրատեսութիւնը Մատթէոսի 22-րդ գլուխին մէջ, կ՛օգնէ յստակօրէն մտածելու մեր քաղա­քային պարտաւորութեանց մասին: Հրեաներէն կը պահանջուէր տուրք վճարել Հռովմէական կառավարութեան: Անոնք կ՛ատէին այդ, որովհետեւ հաւաքուած քումարը կ՛երթար կայսրին գանձին մէջ, անկէ մաս մր կը գործածուէր հեթանոսական տաճարներուն եւ կայսրութեան վերի խաւի մարդոց զէղխ կեանքին: Ասոր համար, անոնք հարց տուին Յիսուսի, թէ արդեօք իրենք քաղաքային պարտաւորութիւն մը ունէի՞ն Կայսրին հանդէպ: Յիսուս յիշեցուց, թէ իրենք երկու քաղաքա­ցիութիւն ունէին: Կ՛ապրէին երկու թագաւորութիւններով աշխարհի մր մէջ – Կայսրին թագաւորութիւնը (մարդկային հեղինակութիւն) եւ Աստուծոյ թագաւորութիւնը (հոգեւոր հեղինակութիւն): Երկուքին հանդէպ ալ անոնք պատասխանատուութիւն ունէին, բայց մեծագոյնը Աստուծոյ էր (Գործք 5. 28-29):

Որպէս քրիստոնեաներ պատուէր ունինք գործակցիլ երկրային իշխանութեանց հետ: Սակայն, մեր գերագոյն հնազանդութիւնը կ՛երթայ Աստուծոյ Թագաւորութեան:

Կառավարութիւնը ունի հեղինակութիւն: Բայց Աստուած ունի գերագոյն հեղինակութիւնը:

Published by Ռաֆաել, on December 24th, 2009 at 8:13 pm. Filled under: ԶհացNo Comments

Համոզող Խօսք

(Կարդա՛ Մարկոս 2. 1-12)

Յիսուս տեսնելով անոնց հաւատքը՝ ըսաւ անդամալոյ­ծին, «Որդեա՛կ, մեղքերդ ներուած են քեզի»։ -Մարկոս 2. 5

Երիտասարդ կովարած մը, որ զԱստուած աննկատ ձգած էր իր կեանքին մէջ, օր մը կ’երթայ Սէն Ֆրէնսիսքոյ ել հոն կը սկսկի զեխ կեանք մը ապրիլ, ծախսելով իր չահած բոլոր դրամը։ Գիչեր մը, յուսախաբ, կու գայ պանդոկի իր սենեակը եւ կը քնանանայ մինչեւ յաջորդ օր’ ուշ ատեն։ Երբ կ’արթննայ, կը տեսնէ գիրք մը դրուած անկողնին քով պզտիկ սեղանին վրայ։ Կը վերցնէ գիրքը, կը նայի, որ Մարկոսի Աւետարանն էր եւ անարգանքով գետին կը նետէ զայն։ Յաջորդ գիչեր, կը նկատէ, թէ մէկը վերցուցած եւ նորէն դրած էր զայն այդ սեզանին վրայ։ Երբ զայն նոյն տեղը կը տեսնէ երրորդ օրը, այս անգամ կ’որոշէ թղթատել անոր էջերը եւ քիչ մը կարդալ։ Գիրքը ա՛յնքան հետաքրքրա­կան կը գտնէ, որ չ’ուզեր կեցնել իր ընթերցումը։ Հետագային, վկայութեան մը ընթացքին, կ’ըսէ. «Այնտեղ կարդացի, թէ Աստուծոյ Որդին ի՛նչ կ՛ըսէ անդամալոյծ մարդուն, “Քու մեղքերդ ներուած են քեզի”, եւ կը գովէ այն աղքատ այրի կինը, որ իր վերջին երկու լուման տուած էր։ Շաա տպաւորուեցայ, երբ կարդացի, թէ Յիսուս փոքր մանուկ­ները Իր գիրկը կ’առնէ եւ կ’օրհնէ զանոնք։ Եւ ապա, հակաո֊ակ մարդոց անարդար վերաբերմունքին, կը յօժարի խաչը բարձրանալ մեղաւորները փրկելու համար։ Եւ երբ կարդացի, թէ ինչո՛ւ համար Ան մեռած էր, ես անդրադարձայ իմ յանցանքներուս եւ, թողութիւն խնդրելով, հաւատացի Յիսուսի եւ խաղաղութիւն գտայ»։ Այդ օրէն ետք, այդ  կովարածը տարբեր մարդ մը կը դառնայ։

Մենք ալ  պէտք է Աստուծոյ Խօսքը մարդոց հասցնելու աշխատինք։ Աւետարանը   միշտ զօրութիւն ունի։

Աւետարանը ղրկուած է, կարծր սիրտերը փշրելու եւ կոտրած սիրտերը բուժելու համար։

Published by Ռաֆաել, on December 24th, 2009 at 8:12 pm. Filled under: ԶհացNo Comments

Թէ՛ Ուրախ, Թէ՛ Տխուր

(Կարդա՛ Ղուկ.   12.   16-21)

Երկրի վրայ ձեզի գանձեր մի՛ դիզէք։ Հապա ձեզի գանձեր դիզեցէ՛ք երկինքը։ _Մատթ. 6. 19-20

Շատ հին առասպել մը, կը պատմէ երեք մարդոց մասին, որոնք ձիու վրայ նստած, գիշեր ատեն, անապատի մը մէջ կը ճամբորդէին։ Երբ կը հասնին չորցած գետակի մը հունին, ձայն մը կը լսեն, որ կ՚ըսէ, թէ ձիէն վար իջնեն եւ հաւաքեն քիչ մը խիճեր եւ դնեն զանոնք իրենց գրպան­ներուն մէջ, եւ չնային անոնց մինչեւ յաջորդ առտու։ Ձայնը կը խոստանայ անոնց, որ եթէ հնազան­դէին, թէ՛ ուրախ եւ թէ՛ տխուր պիտի ըլլային միեւնոյն ատեն։ Երեք մարդիկը կը հնազանդին ըսուածին, եւ  ձիերուն

վրայ  նստած՝ կը շարունակեն իրենց ճամբորդութիւնը։

Երբ կը սկսի արշալոյսը բացոփլ, անոնք դուրս կը բերեն իրենց գրպաններուն մէջ եղող խիճերը։ Եւ ի՜նչ մեծ զարմանք, անոնք ադամանդի, սուտակի եւ ուրիշ

տեսակի թանկագին գոհարներու վերածուած էին։ Միայն վերջն էր, որ անոնք կը հասկնան ուրախ եւ տխուր ըլլալու իրենց եղած խոստումին կարեւ որութիւնը։ Անոնք ուրախ էին, որ կրցած էին այդքան խիճեր վերցնել, բայց տխուր էին՝ որ աւելի չէին կրցած հաւաքել

Ես կը խորհիմ, որ մենք ալ հ՚աւանաբար այդպիսի զգացում մը պիտի ունենանք, երբ երկինք երթանք։ Ուրախ պիտի ըլլանք այն գանձերուն համար, որ երկինքը կը դիզենք, երբ տակաւին Երկրի վրայ կը գտնուինք, եւ պիտի հրճուինք այն վարձատրութեան համար, որ Ցիսուս պիտի տայ։ Սակայն պիտի զղջանք, որ աւեփ չենք ծառայած Ցիսուսի։

Լաւագոյն կերպով օգտագործենք առիթները, որպէսզի աւելի ուրախ ըլլանք՝ քան տխուր։

Այն թագը, զոր երկինքը պիտի հագնինք, շահած պիտի ըլլանք երկրի վրայ։

Published by Ռաֆաել, on December 24th, 2009 at 8:11 pm. Filled under: ԶհացNo Comments

Մանուկի մը Հաւատքը

(Կարդա՛ Մատթէոս 18. 1-5)

Ճշմարիտ կ՚ըսեմ ճեզի, եթէ դարձի չգաք եւ տղոց պէս չըլլաք, երկինքի թագաւորութիւնը բնաւ պիտի չմտնէք: -Մատթէոս 18. 3

Կիրակի օր մը, եկեղեցւոյ բեմէն երիտասարդ մը իր վկայութիւնը տուաւ: Ան խօսեցաւ իր երկու Հայ­րերուն Հեա ունեցած՜ յարաբերու­թեան մասին։ Առաջինը զինք սնուցանող երկրաւոր Հօր մասոն, եւ երկրորդը իր Երկնաւոր Հօր՝ Աստուծոյ մասին։ Ան նկարագրեց իր մանկութիւնը, թէ ի՛նչպէս ամէն ատեն եւ ամէն բանի մէջ կը վստահէր իր հօր: Իր հայրն էր, որ կը նորոգէր իր կոտրած խաղալիկները եւ իրեն կու տար պէտք եղած խրատներն ու առաջնորդութիւնը։ Ան կը զգուշանար հայրը նեղացընելէ, քանի որ յաճախ կը մոռնար թէ զինք այղքան սիրող հայրը նաեւ պիտի ներէր իրեն։

«Մի քանի տարիներ առաջ», շարունակեց պատմել երիտասարդը, «ջղային վիճակ մը ունեցայ ել անտեղի եւ անվայել կերպով շատ մը մարդիկ վիրաւորեցի։ Յանցաւոր զգալուս համար, Երկնաւոր Հօրս հետ յարաբերութիւնս տկարացաւ։ Մոռցայ, որ կրնայի Ւրմէ խնդրել նորոգել ինչ որ ես կոտրած ել աւրած էի։ Անիկա կրնար նորոգել զանոնք։ Րր խրատներն աւ չփնտռեցի»։

Տարիներ ետք, ան Աստուծոյ անմիջական կարիքը զգաց, բայց չէր գիտեր ի՛նչ ընել: Իր եկեղեցիին հովիւը պատուիրեց անոր՝ ներողութիւն խնդրել Աստուծմէ։ Երիտասարդը սկսաւ «ինչպէ՞ս» եւ «եթէ՞» հարցումները հարցնել։ Վերջապէս հովիւը աղօթեց ըսելով –«Ով Աստուած կը խնդրեմ որ այս երիտասարդին մանուկի մը հաւատքը պարգեւես»։ Երիտասարդը իր վկայութիւնը վերջացուց ըսելով –«Եւ Աստուած ինծի տուաւ մանուկի մը հաւատքը »:

Բոլորս ալ պէտք ունինք մանուկի մը այդ աարզ հաւատքին։

Հաւատքը ամենէն աւելի կրնայ փայլիլ մանուկի սիրտ ունեցողին կեանքին մէջ։

Published by Ռաֆաել, on December 24th, 2009 at 8:10 pm. Filled under: ԶհացNo Comments

Լեզուն, Որ Կը Պղծէ

(Կարդա՛ Յակոբ 3. 5-12)

Իր բերանը զսպողը իր անճը կը պահէ, բայց իր շրթունք­ները լայն բացողը պիտի կորսուի։ Առակ. 13. 3

Իմ խօսքերս ազդեցութիւն ունին ուրիշներուն վրայ, միեւնոյն ատեն անոնք կ՚ազդեն նաեւ իմ վրաս։ Երբ գէշ բաներ խօսիմ, ոչ միայն ցոյց կու տամ չարը, որ սրտիս մէջ է (Ղուկ. 6. 45), այլ նաեւ ոյժ տուած կ՚ըլլամ չարին, որ մեծնայ։ Ցիսուս ըսաւ.– «Ոչ թէ ի՛նչ որ բերանը կը մտնէ՝ կը պղծէ մարդը, հապա ինչ որ բերնէն կ՚ելլէ, անիկա կը պղծէ մարդը» (Մատթ. 15.11)։ Իսկ Յակոբոս Առաքեալ կ’ըսէ.– «Լեզուն… բոլոր մարմինը կ’ապականէ» (Յակոբ 3. 6)։

Միւս կողմէ, երբ մերժենք արտայայտել անմաքուր, անազնիւ եւ անաստված

խորհուրդներ, մենք խեղդած կ՚ըլլանք չարը՝ մեր հոգիէն ներս։ Ասոր համար է, որ իմաստուն առակագիրը կ՚ըսէ, թէ պէտք է մեր բերանը զսպել գիտնանք (Առակ. 13. 3)։ Երբ այդպէս ընենք, չարը՝ որ կ՚ուզէր արմատանալ մեր հոգիին մէջ, սովամահ կը դառնայ։ Պէտք է արթուն եւ զգոյշ ըլլանք, որովհետեւ չարը շատ դիւրաւ կրնայ բոյն դնել մեր մէջ։

Դուն կրնաս ըսեէ– «Այնքան ալ դիւրին չէ քեզուն զսպեւ։ Ես փորձած եմ եւ յաջողած չեմ միշտ»։ Յակոբոս Առաքեալ համաձայն է ատոր։ Ան կ՚ըսէ.– «Մարդ չի կրնար լեզուն նուաճել (3. 8)։ Բայց Ցիսոա կրնայ օգնել մեզի։ Պէտք է խնդրել Իրմէ, որ «պահապան դնէ» մեր բերնին (Սաղմ. 141. 3)։ Պէտք է մեր լեզուին սանձը յանձնել Իրեն։

Լաւ է որ միշտ մեր սիրտերուն մէջ արձագանգէ երգի վերածուած  այն  աղօթքը,   որ  կ՚ըսէ.–   «Առ  շրթներս, անոնց վրայ, սուրբ պատգամդ միշտ թրթռայ»։

Իր րերանն ու լէզուն զսպողը, իր հոգին նէղութիւններԷ հեռու կը պահէ։ Աոակաց 21. 23

Published by Ռաֆաել, on December 24th, 2009 at 8:08 pm. Filled under: ԶհացNo Comments

Գտնել ԶԱստուած Մթութեան Մէջ

Կարդա՛ 17. 22-31

Արդարեւ Մարդու Որդին եկաւ՝ որպէսզի փնտռէ կորուածը եւ փրկէ: _Ղուկաս 19. 10

Երբ մեր տղաքը փոքր էին, խաղ մը կը խաղայինք, որ կը կոչուէր Սարտին: Տան բոլոր լոյսերը կը մարէինք եւ ես կը պահուէի պահարանի մը մեջ կամ նեղ անկիւն մը: Ընտանիքի մնացած անդամները, մութին մեջ խարխափելով, կը փորձէին գտնել զիս եւ յետոյ իւրաքանչիւր զիս գտնող կը պահուէր ինծի հետ, մինչեւ որ բոլորը զիս գտնէին եւ այդպէս իրարու քով, սարտին ձուկերու պէս սեղմուէինք:

Մեր ընտանիքի ամենէն փոքր անդամը երբեմն կը վախնար մութէն: Անոր համար, երբ ան մօտենար ինծի, փսփսալով կ’ըսէի. «Հոս եմ»: Ապա ան «Գտա՛յ քեզ, հայրիկ», յայտարարելով, կու գար մօտս, առանց անդադառնալու, որ ես էի որ ինքզինքս գտնել կու տայի իրեն:

Նոյնը կ’ընենք յաճախ մենք ալ, զԱստուած փնտռելու մեր ճիգին մեջ: Մութին մեջ կը խարխափենք Զինք գտնելու համար, ինչպես Առաքեալը կ’ըսէ (Գործք 17. 27): Բայց Բարի Լուրը այն է, որ դժուար չէ զԱստուած գտնել, որովհետեւ Ան «մեզ իւրաքանչիւրէն հեոու չէ»: Ան կ’ուզէ ինքզինք յայտնել մեզի: «Աստուած մեր ծարաւն ու կարօտը ունի: Ան կ’ուզէ մեզ ունէնալ», կ’ըսէ հեղինակ մը:

Քրիստոսը ճանչնալէ առաջ, մենք կը խարխափենք զԱստուած գտնելու մութին մէջ: Սակայն, երբ ամբողջ հոգիով Զինք անձկանօք փնտռելու ըլլանք, Ան Ինքզինք պիտի յայտնէ մեզի, որովհետեւ Ան «կը վարձատրէ անոնք, որ կը փնտռեն զինք» (Երբ. 11. 6): Ան մեղմ ձայնով պիտի կանչէ մեզի, «Ես հո՛ս եմ»:

Աստուած կը սպասէ մեր «Գտա՛յ քեզ…» պարասխանին:

Սերը փնտռեց՛էք, քանի որ Անիկա կը գտնուի, Զանիկա կանչեցէ՛ք, քանի որ Ան մօտ է: – Եսայի 55. 6

Published by Ռաֆաել, on December 24th, 2009 at 8:06 pm. Filled under: ԶհացNo Comments
bg
Untitled Document
2009 © This site is created/designed by Rafael
     
  Current Position of BariLur HTML Hit Tracker Circle.Am